2012-09-29 11:55:41

«Կրօններու Իրաւունքներ» Համագումարին Մասնակցելով` «Կրօնական Սրբութիւնը ոտնակոխելը Անարգանք է` ուղղուած բոլոր Կրօններուն»
Ըսաւ՝ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդը։


Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան անցեալ 24 սեպտեմբերին Թաւրիզի Ազգային Առաջնորդարանի մէջ մասնակցելով «Կրօններու Իրաւունքներ» քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պաշտօնական բացման նիստին ելոյթ մը ունեցաւ որուն մէջ վեր առաւ կրօններուն փոխադարձ ճանաչողութեան կարեւորութիւնը, ու յատկապէս հանդուրժողութեան ոգին: Ան ըսաւ. «Կրօններու համագոյակցութեան, միատեղ ըլլալու դարաշրջանի մէջ կ՜ապրինք ամէնքս: Իրարմէ մեր ունեցած կախումնաւորութիւնը, ներկայ դարու մարդկութեան պարտադրուած է, կեանքի պայմաններու բերումով: Գոյակցութիւնը, սակայն, պատճառ պէտք չէ՛ դառնայ ատելութեան, պայքարի, ու մանաւանդ անհանդուրժողութեան: Իսկ ծաղրանքն ու անարգանքը, աւելի վատ են քան՝ ատելութիւնը: Առ այդ, մենք իբրեւ քրիստոնեաներ, կը դատապարտենք նման երեւոյթներ, եւ զանոնք կը նկատենք կրօնական սրբութիւններու ոտնակոխում ու անարգանք: Սակայն, այդ անարգանքը ուղղուած է բոլո՛ր կրօններուն, որովհետեւ երբ աշխարհի մէջ մէկ կրօնք կ՜անարգուի ու անոր սրբութիւնը կ՜ոտնակոխուի, կը նշանակէ, որ այդ արարքով բոլո՛ր կրօնները կ՜անարգուին, եւ բոլորի՛ սրբութիւնները կ՜ոտնակոխուին: Այսպէս կը հասկանանք մենք միջ-կրօնական յարգանքը, ու փոխա-դարձ գործակցութեան ոգին»:
Ապա, ան խօսեցաւ իսլամական աշխարհի արդար ընդվզումին մասին, յատկապէս շեշտելով կրօնական ազատութեան գաղափարը. «Ձեր ընդվզումը՝ մե՛ր ընդվզումն է նաեւ, որովհետեւ մենք իբրեւ հայ ժողովրդի զաւակներ, լաւ կը հասկնանք թէ ի՞նչ կը նշանակէ կրօնքի համար տառապիլ ու չարչարուիլ: Իսլամութեան ու քրիստոնէութեան միջեւ դարերու ընթացքին ծաւալած սերտ յարաբերութիւնը եւ համագործակցութիւնը, պէտք չէ վիրաւորել նման անպատասխանատու արարքներով»:
Ի վերջոյ, Հայր Սուրբը Միջին Արեւելքի մէջ միշտ համերաշխ ապրած քրիս-տոնեայ-իսլամ ժողովուրդներու օրինակը ներկայացուց, եւ շեշտեց որ յատկապէս այս երկու կրօնները պէտք է նեցուկ կանգնին իրարու. «Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ, իսլամներու ու քրիստոնեաներու ե՛ւ անցեալը ե՛ւ ներկան ընդելուզուած են իրարու: Մենք միշտ միասին ապրած ենք, միասին տառապած, միասին պայքարած, ու հիմա՝ միասին պիտի դիմագրաւենք մեր բոլոր դժուարութիւնները» ըսաւ ան, եւ ապա շարունակելով շեշտեց, թէ՝ «Այսօր իսլամութեան Մարգարէին դէմ եղածը, վաղը կրնայ մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի դէմ ըլլալ, եւ այդ պարագային վստահ ենք, որ բոլոր կրօնները, որոնց շարքին առաջինը Իսլամութիւնը, պիտի ընդվզին ու իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնեն, դէմ արտայայտուելով կրօնական սրբութիւններու ոտնակոխ-ման: Որովհետեւ կրօնական սրբութիւնները ոտնակոխելը, անարգանք է՝ ուղղւած բոլոր կրօններին» եզրակացուց Հայր Սուրբը:








All the contents on this site are copyrighted ©.